ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑԻՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Իսլամապատի մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի արտահերթ նիստին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Պայրամով քննարկեցին Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի գործարկման վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք նկատի առին նաեւ վերջերս այս ձեւաչափով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպման արդիւնքները։ Չավուշօղլու եւ Պայրամով քննարկեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը՝ մանաւանդ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։ Անոնք շօշափեցին նաեւ յետպատերազմեան շրջանին երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ շաբաթավերջին Ազգային մեծ ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Թուրքիա հանդէս կու գայ ո՛չ միայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ի նպաստ, այլեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան համար։ Իր խօսքով՝ Անգարայի դիրքորոշումը այս հարցին մէջ չափազանց անկեղծ է։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ֆուաթ Օքթայ խորհրդարանէն ներս ելոյթ մը ունեցաւ՝ 2022 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի վերաբերեալ լսումներու ծիրէն ներս։ Այս փուլին ան խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Ֆուաթ Օքթայ դիտել տուաւ, որ Անգարա Երեւանի հետ երկխօսութիւնը յառաջ պիտի մղէ շատ զգոյշ եւ Պաքուի հետ սերտ համակարգումով։