ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱԳ ԴԱՏԱԽԱԶ ՓԵԹԷՐ ՖՐԱՆՔ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ

Գեր­մա­նիոյ Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ւագ դա­տա­խազ Փե­թէր Ֆրանք ե­րէկ այ­ցե­լեց Իս­թան­պուլ։ Սուլ­թա­նահ­մէ­տի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման հե­տաքն­նու­թեան շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Փե­թէր Ֆրանք հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Իս­թան­պու­լի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լա­տէն ներս, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ փոխ-ա­ւագ դա­տա­խազ Օր­հան Քա­փը­ճըի եւ հե­տաքն­նու­թեան ձեռ­նա­մուխ դա­տա­խազ Ապ­տուլ­լահ Եուրտ­սե­ւէ­րի հետ։

Ծա­նօթ է, որ Յու­նուա­րի 10-ին տե­ղի ու­նե­ցած պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով զո­հուած էր տասն գեր­ման զբօ­սաշր­ջիկ։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016