ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Ցիւ­րի­խի մէջ։ Այս առ­թիւ ա­նոնք ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կե­ցին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։ Ծա­նօթ է, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Ժը­նե­ւի մէջ նա­խա­տե­սուած է Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ հան­դի­պում մը։ «Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Քե­րի եւ Լաւ­րով Ցիւ­րի­խի մէջ ար­տա­յայ­տե­ցին այն հա­մո­զու­մը, թէ ա­ռա­ջին հեր­թին ՄԱԿ-ի Սու­րիոյ գծով մաս­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սթե­ֆան տէ Միս­թու­րա­յին կը պատ­կա­նի՝ ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ո­րո­շե­լու խնդի­րը։ Ներ­կայ հանգ­րուա­նին մի­ջազ­գա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րուն մի­ջեւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն ու­նին թէ՛  Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ թէ Դա­մաս­կո­սի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ կա­յա­նա­լիք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րուն ա­ռու­մով։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ Մոս­կուա կը փոր­ձէ ա­պա­հո­վել նաեւ ՓԵՏ-ի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վել, իսկ Թուր­քիա սաս­տիկ կ՚ընդ­դի­մա­նայ ա­նոր ներ­կա­յու­թեան՝ յա­ռաջ քշե­լով այն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը, թէ այդ մէ­կը Դա­մաս­կո­սի ղե­կա­վա­րու­թեան յան­ցա­կիցն է։

Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը չեն բա­ցա­ռեր նաեւ առ­կայ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Ժը­նե­ւի մէջ նա­խա­տե­ս-ւած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն տա­պա­լուի­լը։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016