ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան հա­մա­ժո­ղո­վին առ­թիւ կը գտնուի Տա­ւո­սի մէջ, ուր կ՚ու­նե­նայ նաեւ շարք մը կա­րե­ւոր հան­դի­պում­ներ։ Թէ՛ մի­ջազ­գա­յին ղե­կա­վար­նե­րու եւ թէ գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ կը մէկ­տե­ղուի Տա­վու­տօղ­լու, որ կը հե­տե­ւի ծան­րա­բեռ­նուած ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցի մը՝ բազ­մա­կող­մա­նի շփում­նե­րով։ Ե­րէկ, այս շրջագ­ծով Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու տե­սակ­ցե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ, որ եւս կը գտնուի Տա­ւո­սի մէջ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան վար­չա­պե­տը տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ուք­րայ­նոյ Նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փրո­շեն­քո­յի հետ։

Միւս կող­մէ, «The Wall Street Journal» հե­ղի­նա­կա­ւոր թեր­թին մէջ լոյս տե­սաւ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի յօդուա­ծը, որ խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ ը­րաւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ մի­ջազ­գա­յին պայ­քա­րի նիւ­թին շուրջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016