ԵՐԷԿ ՀԻՆԳ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ
Թուրք զինեալ ուժերէն հինգ զինուորներ երէկ նահատակուեցան Սուրիոյ մէջ։ Բանակը թափով յառաջ կը տանի «Եփրատի վահան» գործողութիւնները, որոնք ներկայիս կեդրոնացած են Էլ Պապ քաղաքին վրայ։
Այդ գործողութիւններուն ծիրէն ներս, երէկ, կէսօրուան ժամերուն պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ահաբեկիչները յարձակում մը գործեցին թուրք զինուորներու վրայ։ Այդ յարձակումը տեղի ունեցաւ զինուորական ինքնաշարժի մը անցման ժամանակ՝ Էլ Պապի Սուֆլանիեահ շրջանէն ներս։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ հինգ զինուոր նահատակուած է, ինն զինուոր ալ վիրաւորուած։ Ըստ նոյն յայտարարութեան, վիրաւորեալները անմիջապէս դարմանման համար փոխադրուեցան զանազան հիւանդանոցներ։ Նահատակներուն մարմիններն ալ փոխադրուեցաւ Կազիանթէպ։