«ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ»
«Մանկական Եւրոտեսիլ-2019» երգի մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Եւրոպայի հեռարձակողներու միութեան գլխաւոր տնօրէն Նոէլ Կերան:
«Այս մէկը գեղեցիկ իրադարձութիւն մըն է, որ տեղի կ՚ունենայ Քրաքովի մէջ: Անհամբերութեամբ կը սպասեմ», ըսած է Կերան Լեհաստանի հեռուստատեսութեան եթերէն: 2018 թուականին Լեհաստանէն 13-ամեայ Ռոքսանա Վենկել դարձաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ»ի յաղթողը, որ տեղի ունեցած էր Մինսքի մէջ: «Մանկական Եւրոտեսիլ»ի կանոններուն համաձայն, յաղթող երկիրը ինքնաբերաբար յաջորդ տարի զայն կազմակերպելու համար իրաւունք չի ստանար, իբր այդ ալ ան կը տարբերի մեծերու «Եւրոտեսիլ»էն։ Յաջորդ մրցոյթի վայրը կ՚որոշուի՝ մեկնելով տրուած յայտերէն:
Մրցոյթի ամսաթիւը առայժմ յայտնի չէ: Զանգուածային լրատուութեան միջոցները կ՚ենթադրեն, որ ան կը կայանայ նոյեմբերի վերջերուն։