ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց ճարտարապետ, շինարարական արուեստի պատմաբան Լիպարիտ Սադոյեանի «Մեսրոպաստեղծ հայոց գրապատկերներու կազմութեան սկզբուքները» աշխատութիւնը։

Այս գիրքին մէջ փորձ կը կատարուի ներկայացնել Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հայոց գիրերու տառապատկերներու կազմութիւնը, տառանշանները կազմելու, հնչիւնները պատկերաւորելու սկզբունքները՝ սկզբնաղբիւրային նշանակութեամբ այս խնդրի լուծման միակ ճանապարհը նկատելով 5-7-րդ դարերուն փորագրուած վիմագիր արձանագրութիւններու տառերու պատկերներու ուսումնասիրութիւնը։

Անտիպ այս աշխատութիւնը հրատարակութեան պատրաստած են Հայկ Սադոյեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։

Գիրքը հրատարակուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։

Երկուշաբթի, Յունուար 21, 2019