ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ նոր Ազգային ժողովի աշխատանքի ձեռնարկելուն զուգահեռ՝ նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացն ալ սկիզբ առած է։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին ստորագրեց շարք մը հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ յստակացան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան շարք մը անդամները։ Նշանակումները եղան ըստ հետեւեալի.

Զօհրապ Մնացականեան (արտաքին գործոց նախարար), Դաւիթ Տօնոյեան (պաշտպանութեան նախարար), Արտակ Զէյնալեան (արդարադատութեան նախարար), Էրիք Գրիգորեան (բնապահպանութեան նախարար), Ֆելիքս Ցոլաքեան (արտակարգ իրավիճակներու նախարար), Յակոբ Արշակեան (փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու նախարար), Տիգրան Խաչատրեան (տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար), Ատոմ Ճանճուղարեան (ելմտական նախարար), Արսէն Թորոսեան (առողջապահութեան նախարար), Զարուհի Բաթոյեան (աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար), Սուրէն Պապիկեան (տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար) եւ Արայիկ Յարութիւնեան (կրթութեան ու գիտութեան նախարար)։

Հարկ է յիշեցնել, որ նախապէս ալ նշանակուած էին երկու փոխ-վարչապետներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 21, 2019