ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ

Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան շաբաթավերջին ժամանեց քաղաքս։ Ան այսօր արդէն կը ձեռնարկէ իր նոր պաշտօնին։ Սահակ Սարգսեան քաղաքս եկած է իր ընտանիքին հետ։ Իր ժամանման զուգահեռ՝ ան կը նախատեսէ այցելել ՍԾՏՀԿ-ի միջազգային քարտուղարութիւնը։

Միւս կողմէ, այժմ արդէն նախկին ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան շաբաթավերջին իր ընտանիքին հետ վերադարձաւ Երեւան՝ աւարտած ըլլալով իր առաքելութիւնը Իսթանպուլի մէջ։ Ան այսօրուընէ սկսեալ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս կը կոչուի նոր առաքելութեան՝ որպէս սահմանակից երկիրներու վարչութեան պետ։

Երկուշաբթի, Յունուար 21, 2019