ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋ

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ՝ իր դէմ կատարուած մահափորձի 12-րդ տարելիցին առթիւ։ Այս տխուր փուլին հերթական անգամ ընդգծուեցաւ արդարութեան սպասումները։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հրանդ Տինք վերյիշուեցաւ համապատասխան պահանջով։

Շաբաթ յետմիջօրէի ժամերուն, «Ակօս» շաբաթաթերթի Օսմանպէյի նախկին խմբագրատան առջեւ կազմակերպուեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Ինչպէս միշտ, հանրահաւաքի մը ձեւաչափով նախատեսուած էր Հրանդ Տինքի յիշատակին տեղի ունեցած յարգանքի հանդիսութիւնը, որու մասնակիցներու շարքին էին իր այրին՝ Ռաքել Տինք, որդին՝ Արատ, դուստրերը՝ Տելալ եւ Սերա, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Սեզկին Թանրըքուլու, մեներգիչ Ահմէտ Քայայի կողակիցը՝ Կիւլթէն Քայա, Տիարպաքըրի փաստաբանական կաճառի նախկին սպանեալ նախագահ Թահիր Էլչիի կողակիցը՝ Թիւրքան Էլչի, իրաւաբան Հիւսէյին Հաթեմի, հրապարակագիր Հասան Ճեմալ, հրապարակագիր Օրալ Չալըշլար եւ բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։ Ոգեկոչման մասնակիցները կարմիր մեխակներ թողեցին Հրանդ Տինքի նահատակուած վայրը։ «Սարը կեալին» ժողովրդական երգը թրքերէնով եւ հայերէնով նուագուեցաւ։ Տուտուկի յուզումնախառն մեղեդիներով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ բոլորը իրենց խոնարհումը բերին յաւէտ ողբացեալ լրագրողի բարոյական ներկայութեան առջեւ։

Հրանդ Տինքի ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին այս տարի ելոյթով մը հանդէս եկաւ 1948 թուականին մահափորձի զոհ գացած բանաստեղծ Սապահատտին Ալիի դուստրը՝ Ֆիլիզ Ալի։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան այս առթիւ յայտնեց, որ իր հայրը սպաննած ոճրագործը որեւէ տարբերութիւն չունէր Հրանդ Տինքը սպաննողէն։ «Սիրելի Հրանդ, յամենայնդէպս այդքան ալ յուսալքուած չենք։ Կան մարդիկ, որոնք չեն լռեր, տակաւին այստեղ ենք եւ տեղ մը չենք երթար, չենք հրաժարիր։ Այսօր այստեղ են, մեր միջեւ են անոնք, որոնք տակաւին երեխայ էին երբ քեզ սպաննեցին։ Հետամուտ են ձեր մահերուն, կը հարցնեն, չեն լռեր։ Յոյսը այստե՛ղ է։ Այս հողերը, այս երկիրը մերն է», ըսաւ Ալի։

Միւս կողմէ, երէկ ալ Հրանդ Տինքի՝ Պալըքլըի գերեզմանատան շիրմին վրայ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, իր մահուան 12-րդ տարելիցին առթիւ։

Երկուշաբթի, Յունուար 21, 2019