«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՄԻՋԵՒ ԿԸ ՍԿՍԻ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ ՄԸ»

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիոյ եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մի­ջեւ կը բա­ցուի նոր էջ մը։ Եըլ­տը­րըմ, որ վեր­ջերս այ­ցե­լեց Գեր­մա­նիա ու մաս­նակ­ցե­ցաւ Միւ­նի­խի անվ­տան­գու­թեան հա­մա­ժո­ղո­վին, զրու­ցեց իր ու­ղե­ւո­րու­թեան հե­տե­ւած զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Այս առ­թիւ ան յայտ­նեց, որ ԱՄՆ-ի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ կը սկսի նոր շրջան մը։

Ըստ վար­չա­պե­տին փո­խան­ցած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, Թուր­քիա այս շրջա­նին շեշ­տած է հիմ­նա­կան ե­րեք խնդիր։ Ա­նոնց­մէ մին է ԱՄՆ-ի պայ­քա­րը Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) հետ։ Երկ­րորդ հարցն է՝ ՖԵ­ԹԷՕ-ի պա­րագ­լուխ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձ­նու­մը։ Որ­պէս եր­րորդ հարց՝ վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա յայտ­նած է, թէ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րի մէջ Թուր­քիա մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ նաեւ Էլ Պա­պի ա­զա­տագ­րուե­լէն վերջ եւս։ «Հե­տե­ւա­բար, այս գոր­ծը պէտք է յա­ռաջ տա­նիլ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թեան, ՆԱ­ԹՕ-ի գոր­ծըն­կե­րու­թեան յա­րիր ձե­ւով», ը­սաւ վար­չա­պե­տը։

Հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ յայտ­նեց, որ Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ ՓԵՏ-ն ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է եւ քիւր­տե­րը պէտք չէ շփո­թուին ՓԵՏ-ի հետ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017