Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՎՐԱՍՏԱՆ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութեամբ մեկնիլ Թիֆլիզ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Իր շփումները տեղի պիտի ունենան Փետրուարի 23-24-ին։
Կարէն Կարապետեանի ընկերակից պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն վեց նախարարներ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Սա Կարէն Կարապետեանի վարչապետ դառնալէն վերջ ձեռնարկած առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւններէն մին պիտի ըլլայ։ Նախապէս ան այցելած էր Մոսկուա։
Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017