ՍՊԱՍՄԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս ծագած ճգնաժամի յաղթահարման որոնումներու մթնոլորտի իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել մեր համայնքին օրակարգը։ Ներկայիս սպասողական օրեր կ՚ապրուին այս տեսակէտէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ստեղծուած լարուածութեան ու տագնապի պայմաններուն ներքեւ խորհրդակցութեան համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հրաւիրած է Պոլսոյ Պատրիարքութեան ենթակայ երեք սրբազանները։ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան այս շրջագծով երէկ արդէն մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Իսկ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հասաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Հինգշաբթի առաւօտեան կանուխ ժամերուն պիտի հասնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Արդարեւ, այսօր Ընդհանուր Փոխանորդը Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին։
Ուրեմն, Հինգշաբթի առաւօտ Պոլսոյ Աթոռի երեք սրբազանները հասած պիտի ըլլան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Օրուան առաջին կէսին Մայր Տաճարի մէջ անոնք պիտի մասնակցին Սրբոց Վարդանանց տօնի արարողութիւններուն։ Ժամկէտի զուգադիպութիւնով անոնք ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան տօնի նշման։ Աւելի վերջ, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ երեք սրբազանները Պոլսոյ Աթոռի պարագային ստեղծուած իրավիճակին շուրջ անկեղծ ու բաց խորհրդակցութիւն մը կատարելու հնարաւորութիւնը պիտի ունենան։ Վեհափառ Հայրապետը ներկայ պատասխանատու պահուն պիտի փոխանցէ իր դրական յորդորները՝ որպէսզի մեր Պատրիարքական դարաւոր Աթոռը ամուր եւ կայուն ձեւով շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներէն մին։
Ուստի, այս հարցին նկատմամբ վառ հետաքրքրութիւնը կը շարունակուի եւ ընդհանուր առմամբ համայնքային շրջանակները հակուած են սպասել՝ մինչեւ որ սրբազանները վերադառնան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։
Աւելի վերջ արդէն գործնական աշխատանքը պիտի կատարուի Պոլսոյ մէջ։ Եկեղեցական շրջանակներէն հասած լուրերուն համաձայն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները բարիկամեցողութեան ակնկալութիւնով տեղի պիտի ունենան ու միտուած պիտի չըլլան յառաջիկայ կարգադրութիւններուն համար կանոնական ժողովներու կամ մարմիններու արտայայտելիք կամքը կանխորոշելու։
Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Վեհափառ Հայրապետը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի բոլոր իրադարձութիւններուն եւ հաշուի կ՚առնէ բոլոր մանրամասնութիւնները։ Ան կ՚աղօթէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի անսասանութեան համար եւ իր դրական յորդորը պիտի փոխանցէ, որպէսզի խաղաղ, համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ Պատրիարքական Աթոռի գործունէութիւնը վերադառնայ իր բնականոն հունին։