«ԿՈՂՔ ԿՈՂՔԻ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Յունական համայնքային վաքըֆներու խրախուսման միութեան (RUMVADER) եւ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ այս շրջանին կեանքի կը կոչուի՝ «Անցեալի մէջ յառաջացած հեռաւորութիւնները յաղթահարել ու միասին կառուցել համատեղ ապագայ մը» խորագրեալ ծրագիր մը։ Այս վերջինը կը վայելէ Եւրոմիութեան զօրակցութիւնը։ Երէկ երեկոյեան, Սարըերի քաղաքապետութեան «Եաշար Քեմալ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ ծրագրի ներկայացումն ու այդ ամբողջին մէջ պատրաստուած «Կողք կողքի» ֆիլմի ցուցադրութիւնը։
Այս վաւերագրական ժապաւէնին նկարահանումները կատարուած են զանազան քաղաքներու կամ թաղամասերու մէջ, որոնք անցեալին հանդիսացած են փոքրամասնութիւններու բնակավայրեր, կամ ներկայիս ալ կը դասուին այդպիսիներու շարքին։ Տեսանիւթը կ՚ընդգրկէ զանազան վկայութիւններ շարք մը անհատներու կողմէ, որոնք սեղանի մը շուրջ համախմբուած կ՚արտայայտուին իրենց անցեալի կամ այժմու դրացնութեան յարաբերութիւններուն, հասարակական կեանքի դժուարութիւններուն եւ յիշատակներուն մասին։ Այդ վայրերէն մին է Վաքըֆլըգիւղը, որու բնակչութենէն ներկայացուցիչներ արտայայտուած են գիւղի անցեալին ու ներկային, իրենց դրացիներուն հետ ունեցած յարաբերութիւններուն մասին։
Երէկուան ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց ծայրագոյն պատրիարքը, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, քաղաքիս քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւններէն հոգեւոր հայրեր, Սարըերի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենչ, Վաքըֆներու մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի, նախկին ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, յայտնի իրաւաբան Քեզպան Հաթեմի եւ այլք։
Եւրոմիութեան զօրակցութիւնը ապահոված այս ծրագրին գլխաւոր դերակատարը եւ մղիչ ուժն է Լաքի Վինկաս, որ եղած է Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց առաջին ներկայացուցիչը, կը գլխաւորէ Ենիգիւղի յունաց եկեղեցւոյ թաղային խորուրդը եւ RUMVADER-ի յառաջատար դէմքերէն մին է։ Երէկուան երեկոյթին ընթացքին ան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենչ։
«Կողք կողքի» ֆիլմի առաջին ներկայացման աւարտին ստեղծագործական աշխատանքին մասնակցած խումբն ու պատուոյ հիւրերը միասնաբար հանդէս եկան բեմին վրայ՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Հարկ է նշել, որ այդ խումբին մաս կը կազմէ մեր համայնքէն Սեւան Աթաօղլու։ «Կողք կողքի» ժապաւէնի բեմադրիչներն են Էնիս Ռըզա Սաքըզլը եւ Մեսուտ Եաշար Թուֆան։ Փաստավաւերագրական գործի արտադրութիւնը իրականացուած է VTR-ի կողմէ։
Երէկուան երեկոյթի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին մասնակիցները ջերմ զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։