ԴԷՊԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար վաղը պիտի այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Իրեն ընկերակից պատուիրակութեան մաս պիտի կազմէ նաեւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ պիտի տեսակցի ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Փեթրիք Շանահանի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան տարածքաշրջանային խնդիրներ, որոնց ծիրին մէջ առաջնահերթ պիտի ըլլայ Սուրիոյ կացութիւնը։ Պիտի քննարկուին նաեւ երկկողմանի հանդիպման վերաբերեալ հարցեր։ Հուլուսի Աքար եւ Փեթրիք Շանահան քանի մը օր առաջ հանդիպած էին Գերմանիոյ մէջ՝ Միւնիխի Անվտանգութեան միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս։

Ուաշինկթըն ուղեւորութեան ընդառաջ Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա ԵՓԿ-ի սպառնալիքին վերջ պիտի տայ, երբ գայ ժամն ու տեղը։ Նախարարը ընդգծեց, որ այդ սպառնալիքը ուղղուած է մեր երկրին, սահմաններուն ու մեր ժողովուրդին դէմ։

Երէկ, Հուլուսի Աքար այցելեց Հաքքեարի, ուր քննեց տեղւոյն զօրքերու ընդհանուր վիճակը։ Շուկային մէջ ժողովուրդին հետ ալ հանդիպում մը ունեցաւ նախարարը։

Հաքքեարիի մէջ Հուլուսի Աքար շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը յառաջ կը տարուի վճռականութեամբ։ Թուրք զինեալ ուժերը զոհողութիւններով կը կատարեն ու պիտի կատարեն իրենց պարտականութիւնը։ «Տէր պիտի կանգնինք մեր երկրին», ըսաւ Հուլուսի Աքար։ «Եփրատի վահան» եւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն արդիւնքով արձանագրուած յաջողութիւնը մատնանը-շելով՝ Հուլուսի Աքար յիշեցուց, որ Թուրքիա կը հիւրընկալէ 3.5 միլիոն սուրիացիներ։ «Անոնցմէ 311 հազարը վերադարձած է իր հայրենիքը։ Մեր յետագայ նպատակն է ապահովել, որ սուրիացի մեր միւս եղբայրներն ալ վերադառնան իրենց տունը։ Այս նպատակով է, որ Աֆրինի մէջ ենք, Ճերապլուսի մէջ ենք, Էլ Պապի մէջ ենք եւ նոյն նպատակով ջանքեր կը գործադրենք, որպէսզի Եփրատի արեւելքին վերջ գտնէ ԵՓԿ-ի գոյութիւնը, մաքրագործուի այնտեղը», ըսաւ Հուլուսի Աքար եւ ընդգծեց, որ այժմ կարգը եկած է Մենպիչի եւ Եփրատի արեւելքի ահաբեկչական թիրախներուն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019