ՄԵՂԱԴՐԱԿԱՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ

Թաքսիմի «Կեզի» ճեմապարտէզին մէջ 2013 թուականին պատահած դէպքերուն վերաբերեալ ամբաստանագիրը երէկ հրապարակուեցաւ։ Մեղադրականը կը վերաբերի 16 մեղադրեալներու։

Այս ամբողջին մէջ կը գտնուին նաեւ Օսման Քավալա, Մեմէտ Ալի Ալապորա եւ Ճան Տիւնտար։ Տասն տարբեր յանցագործութիւններու մեղադրանքով, դատախազը ծանր ցկեանս բանտարկութիւն նախատեսած է մեղադրեալներուն համար։ Բոլոր մեղադրեալներուն ուղ-ղուած ամբաստանութիւնը կը վերաբերի կառավարութիւնը անհետացնելու նախաձեռնութեան։ Կասկածեալները կը համարուին դէպքերու գլխաւոր ղեկավարները եւ այս պատճառով անոնց պատասխանատուութիւն կը վիճակի երկրի ընդհանուրին մէջ տեղի ունեցած բռնութեան դէպքերու հետեւանքով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019