ՄԷՅ ԵՒ ԵՈՒՆՔԷՐ ՈՐՈՇ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՄԸ ՀԱՍԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երէկ Պրիւքսելի մէջ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի հետ ունեցած հանդիպումէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան տեղեկացուց, որ BREXIT-ի շուրջ Եւրոյանձնաժողովի հետ տեղի ունեցած բանակցութիւններու արդիւնքով արձանագրուած է յառաջընթաց։

«Մենք համաձայնեցանք, որ լուծում գտնելու շուրջ աշխատանքը շարունակուի թափով։ Ժամանակը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի։ Մեր շահերէն կը բխի, որ Անգլիա կանոնակարգուած ձեւով լքէ Եւրոմիութիւնը։ Այս առումով մենք հասանք յառաջընթացի», ըսաւ Մէյ՝ ամփոփելով Պրիւքսելի երէկուան բանակցութիւններու արդիւնքները։

Լոնտոնի եւ Պրիւքսելի առկայ տարաձայնութիւններուն գլխաւորն է Իրլանտայի եւ Հիւսիսային Իրլանտայի միջեւ սահմանի համար ապահովագրական ծրագիրը։ Մէյ եւ Եունքէր հաւաստեցին Իրլանտայի կղզիէն ներս կոշտ սահմանէ խուսափելու եւ ԵՄ-ի ու Անգլիոյ ներքին շուկայի ամբողջականութիւնը յարգելու իրենց պարտաւորութիւնը։ Կողմերը համաձայնած էին, որ բանակցութիւնները շինիչ էին եւ հաստատակամօրէն կոչ ուղղած են իրենց բանակցող համապատասխան խումբերուն՝ տարբերակներու ուսումնասիրութիւնը շարունակել դրական ոգիով։

Ժան-Քլոտ Եունքէր եւ Թերեզա Մէյ համաձայնեցան, որպէսզի իրադրութիւնը վերստին քննարկեն յառաջիկայ օրերուն ու տեսակցին մինչեւ ամսավերջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019