ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑԻՆ ԼՈՒԻԶ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ-ՍԻՄՈՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ազգային բարերար, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախկին նախագահ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է ամբողջ հայաշխարհին մէջ։ Մինչ հայ ժողովուրդը կը սգայ այս կորուստը, երէկ ցաւակցականներ հրապարակեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

«Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն ամենասերտ առընչութիւնն ունէր այն ամէն ինչի հետ, որ կը կոչուի հայ ու Հայաստան», նշուած է Արմէն Սարգսեանի ցաւակցականին մէջ։ Ան նշած է, որ այս կորուստը չափազանց մեծ է Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համար։ «Այս մեծ տիկինը ընդգրկուն գործունէութեամբ եւ հեղինակութեամբ դուրս կու գայ ազգային սահմաններէ եւ մեր ժողովուրդը լաւագոյն կերպով կը ներկայացնէ միջազգային մակարդակով», նշած է Արմէն Սարգսեան՝ կորուստը համարելով համազգային։ Նախագահը յիշեցուց, որ անկախութենէն ի վեր Հայաստանն ու Արցախը դարձած էին իր հայրենանուէր գործունէութեան թիրախը եւ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն մինչեւ կեանքին վերջը մնացած էր նուիրուած այդ բոլորին։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ յայտնեց, որ սրտի մորմոքով կը սգայ մեծագոյն հայու ցաւագին կորուստը։ Նորին Սրբութիւնը վերյիշեց անոր աստուածաշնորհ կեանքի ընթացքին ազգասէր ու եկեղեցանուէր ոգիով պսակուած լուսեղէն իրագործումները, եկեղեցաշէն ու ազգաշէն գործունէութիւններու բիւր արդիւնքները։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ իր բարեգործութիւնները ընդգրկած են եկեղեցական կեանքի բոլոր ոլորտները։ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն առանձնակի ջերմ զգացումով նպաստ բերած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պայծառութեան, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի եւ իր սիրասուն ծնողաց՝ Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու անունը կրող գանձատան նորոգութեան, նոր շինութիւններու կառուցման, մշտապէս աջակցած Մայրավանքի բարեկարգ-ման ու կենսագործութեան։ «Մեր հոգւոյն մէջ անջնջելի պիտի մնայ լուսաւոր ու վեհանձն կերպարը Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի՝ մեզի հարազատ անձնաւորութեան, իր անկեղծ ու բարեսիրտ բարեկամութեան, պարզ ու անմիջական բնաւորութեամբ, մեծ հայրենասէրի վսեմ նկարագրով», նշուած է Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցականին մէջ եւ ընդգծուած՝ որ հոգելոյս Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն կը շարունակէ իր ուղին դէպի անմահութիւն։ Նորին Սրբութիւնը շեշտած է, որ մեր ժողովուրդը քաջ գիտէ գնահատել ու մեծարել իր հերոս զաւակները, հիւսել անոնց փառքը եւ այդպիսի վառ օրինակներով ոգեշնչել նոր սերունդները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019