ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու Մուսթաֆա Սարըկիւլը։ Իրեն կ՚ընկերանար Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր Սարըկիւլի լծակիցներէն մին եղած է։  31 մարտին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ Մուսթաֆա Սարըկիւլ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ առաջադրուած ըլլալով Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու։ Ան վերջին շրջանին ՃՀՓ-էն անցաւ ՏՍՓ, սակայն իր պարագային արդէն կուսակցական հանգամանքները կը համարուին երկրորդական։ Մուսթաֆա Սարըկիւլ՝ մանաւանդ Շիշլիի պարագային կը համարուի վերկուսակցական թեկնածու մը։ Լայն զանգուածներ կ՚ողջունեն քաղաքապետի պաշտօնին վերադառնալու իր որոշումն ու հեռանկարը։ Մեր համայնքային շրջանակներն ալ այս ամբողջին մէջ կ՚ողջունեն Մուսթաֆա Սարըկիւլի վերադարձը եւ քաղաքապետ վերընտրուելու հեռանկարը։ Արդարեւ, երկար ժամանակ ան լրջօրէն խրախուսած է մեր համայնքային կեանքի բազմաթիւ ձեռնարկները։

Խմբագրատանս մէջ տեղի ունեցած անմիջական ու հաճելի զրոյցին ժամանակ Սարըկիւլ նշեց, որ կը պատրաստուի վերադառնալ քաղաքապետի պաշտօնին եւ այդ վերադարձը պիտի նշանակէ վերականգնել անխտիր ծառայութիւն մատուցելու նախընթացները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019