ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՅՑ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ ներկայիս ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Այս ծիրէն ներս երէկ անոնք այցելեցին Երեւան, ուր հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու Հայաստան այցը եւ կարեւորեց անոնց դերակատարութիւնը՝ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային միջազգային լիազօրութեան ձեւաչափը։ Համանախագահները շնորհաւորեցին Նիկոլ Փաշինեանը՝ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքի կողմէ տարուած յաղթանակին բերումով։ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց անցեալ ամիս Տաւոսի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տեղի ունեցած անպաշտօն հանդիպման մանրամասնութիւնները։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացի համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման շուրջ եւ ուրուագծեցին յետագայ քայլերը։ Կարեւորուեցաւ հրադադարի դրութեան պահպանման ուղղութեամբ ապահովուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը։
Զօհրապ Մնացականեանի մօտ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ալ քննարկումներու առանցքին էին այն հարցերը, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան վերջին հանդիպումներուն ժամանակ։ Միջնորդները, մասնաւորապէս հետաքրքրուեցան յունուարին Տաւոսի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւններով։ Զօհրապ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի մօտեցումները եւ դիրքորոշումը՝ հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ։ Ան կարեւորեց կարգաւորման գործընթացին տեսակէտէ նպաստաւոր մթնոլորտի մը ստեղծման կարեւորութիւնը։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին կարգաւորման գործընթացի յետագայ քայլերուն եւ հանդիպումներուն շուրջ։
Հարկ է նշել, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այսօր ալ կ՚այցելեն Պաքու, ուր նախատեսուած են իրենց շփումները Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։