ԻՏԼԻՊԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ
Սուրիոյ տագնապի մթնոլորտին մէջ Իտլիպի թէժ իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Երէկ բովանդակ Թուրքիա դարձեալ խոր ցաւի մատնուեցաւ Իտլիպէն հասած տխուր լուրերուն հետեւանքով։ Այսպէս երկու թուրք զինուոր նահատակուեցաւ Իտլիպի մէջ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Իտլիպի մէջ Թուրք զինեալ ուժերու տարրերը ենթարկուած են օդային յարձակման եւ երկու զինուորի նահատակման զուգահեռ հինգ զինուոր ալ վիրաւորուած է։ Թուրք զինեալ ուժերը ամենախիստ ձեւով հակայարձակումներ իրականացուցած են եւ Սուրիոյ կառավարական զօրքերը մեծ կորուստներ տուած են այդ յարձակումներուն հետեւանքով։
Միջազգային գետնի վրայ ալ Իտլիպի իրադարձութիւնները մտահոգութեան պատճառ կը դառնան։ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ առկայ իրավիճակին մէջ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցան Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի Իտլիպի մէջ յարձակումները վերջ գտնեն։ Միեւնոյն ժամանակ, Մաքրոն եւ Մերքէլ տեղեկացուցին, որ պատրաստ են Փութինի եւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ հանդիպելու՝ Իտլիպի պարագային քաղաքական լուծում մը գտնելու առաջադրութեամբ։
Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ երեկոյեան ժամերուն հեռատեսիլի վրայ ուղիղ եթերով յայտարարեց, որ Թուրքիա որեւէ մտադրութիւն կամ նպատակ չունի Իտլիպի մէջ Ռուսաստանի հետ դէմ դիմաց գալու։ «Հնարաւոր ամէն ջանք գործադրել պիտի շարունակենք, որպէսզի այսպիսի բան մը չըլլայ։ Ամբողջ խնդիրը այն է, որ Սուրիոյ վարչախումբը հնազանդի հրադադարին, կասեցնէ յարձակումները եւ վերջ տայ սպանդին», յայտնեց Հուլուսի Աքար։