ՀԱՅԵՐԷՆ ՁԵՌԱԳԻՐ ԱՒԵՏԱՐԱՆ

Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ «Միլլէթ» ընդարձակ գրադարանի բացման պաշտօնական հաւաքոյթը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքէթ Միրզիեոյեւ, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։

Նախագահ Էրտողան հաւաքոյթի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Գրադարանի առանձնայատկութիւններուն անդրադառնալու առընթեր, ան տեղեկացուց, որ նոյնաժամանակ կը բացուին երկու ցուցահանդէսներ։ Առաջինն է՝ Պետական արխիւներու կողմէ կազմակերպուած «Հաթթը հիւմայուն» ցուցահանդէսը։ Երկրորդն է՝ Գրաւոր գործերու հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած «Մելանի հետքը» ցուցահանդէսը։ Այս երկու ձեռնարկներն ալ բաց պիտի ըլլան երեք ամիս։ Երէկուան ճառին մէջ Էրտողան ընդգծեց, որ «Մելանի հետքը» ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած է նաեւ հայերէն ձեռագիր պատմական Աւետարան մը։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020