ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, երկարատեւ բարեկարգման աշխատանքներէ վերջ այս եկեղեցին շաբաթավերջին օծուելով պաշտամունքի վերաբացուած էր։ Ուրեմն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց երէկ մատուցուած անդրանիկ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ վրայ կեդրոնացած միտքն ու ոգին զօրութիւն կ՚առնեն Իրմէ։ Մինչ իւրաքանչիւրս բազմաթիւ հարցեր ունինք, անոնց լուծման համար պէտք է ստանանք «հոգեւոր դեղ»։ Այս բանը կ՚ըլլայ Աստուծմով, հաւատալով, եկեղեցի երթալով, աղօթելով եւ Ս. Հաղորդութիւն ստանալով։ «Այսպէսով մեր ներսէն կենդանի ջուրի աղբիւրներ պիտի բխին», նշեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ, հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ երանաշնորհ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսը, որու շիրիմը կը գտնուի եկեղեցւոյ անմիջական շրջափակէն ներս։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ խորհրդարանին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջական զրոյց մըն ալ ունեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմի եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ զանազան հարցերու։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը այս փուլին նաեւ յորդորեց, որ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց երկու դպրաց դաս-երգչախումբերու՝ Լուսաւորիչի եւ Ասողիկի գործունէութիւնն ու համագործակցութիւնը պէտք է թափ ստանայ՝ բարձրացնելու համար արդիւնաւէտութիւնը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 21, 2022