ԱՆԻԾԵԼԻ ՊԱՅԹՈՒՄ, ՄԵԾ ՑԱՍՈՒՄ
Թուրքիոյ օրակարգը շաբաթավերջին յեղաշրջուեցաւ Իսթանպուլի մէջ պատահած ահաբեկչական պայթումով։ Պէյօղլուի մէջ, Իսթիքլալ պողոտայի վրայ Շաբաթ առաւօտ ժամը շուրջ 11.00-ին, ինքզինք պայթեցուց «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման անդամներէն Մեհմէտ Էօզթիւրք։ Բացի կենդանի ռումբէն, չորս հոգի մահացաւ տեղւոյն վրայ։ Զոհերէն երեքը Իսրայէլի քաղաքացիներ էին, իսկ մին՝ Իրանի քաղաքացի։ Տասնեակ անձեր վիրաւորուեցան դէպքին հետեւանքով։ Իրաւապահ մարմինները Կազիանթեպի մէջ ձերբակալեցին Մեհմէտ Էօզթիւրքի հայրն ու եղբայրը։
Ահաբեկչական պայթումէն անմիջապէս վերջ կուսակալ Վասիփ Շահին անմիջապէս այցելեց դէպքի վայր, մինչ իրաւապահ մարմինները ձեռնարկեցին լայնածաւալ հետաքննութեան։ Քաղաքի սրտին վրայ ընդարձակ անվտանգութեան գօտի մը ստեղծուեցաւ։ Վարչապետարանի Տոլմապահչէի գրասենեակին մէջ ալ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը՝ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ։
Դէպքէն ժամեր անց Իսթիքլալ պողոտան վերաբացուեցաւ ժողովուրդին։ Պայթումի պատահած վայրին մօտ ժողովուրդը թողուց ծաղիկներ՝ յարգելու համար զոհերուն յիշատակը եւ բողոքելու համար ահաբեկչութեան դէմ։
Իսթանպուլի մէջ երէկ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու «Հալիչ» համագումարներու կեդրոնին մէջ ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ այս պայթումը եւ ընդհանրապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ընթացքը։ Էրտողան երէկ յայտարարեց, թէ Թուրքիա երբեք անձնատուր պիտի չըլլայ ահաբեկչութեան պարտադրած օրակարգին։ «Տէր պիտի կանգնինք մեր ազգի միութեան, մեր երկրի ամբողջականութեան եւ յուսախաբ պիտի ընենք ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու անոնց ետին կանգնած ուժերը», ըսաւ Էրտողան։
Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալան ալ յայտարարեց, թէ դէպքը կապ ունի ԻՇԻՊ-ի հետ։ Աւելի ուշ, իրաւապահ մարմինները տեղեկացուցին, թէ արդէն կ՚որոնեն ԻՇԻՊ-ի եւս երեք անդամ, որոնք կը պատրաստուին զգայացունց նոր արարքներ իրականացնել։ Ահաբեկչութեան սպառնալիքին հետեւանքով երէկ յետաձգուեցաւ նաեւ Կալաթասարայ-Ֆէնէրպահչէ ֆութպոլի մրցումը։
Ահաբեկչական իրերայաջորդ յարձակումներու մթնոլորտին մէջ Թուրքիա ներկայիս կը ջանայ ամուր կանգնիլ վտանգներուն դէմ ու կը դիմադրէ ամրապնդելով իր միասնականութիւնը։ Անգարայի մէջ պատահած դէպքերէն կարճ ժամանակ անց Իսթանպուլի մէջ որոտացած այս անիծելի պայթումը մեծ ցասում յառաջացուցած է ժողովուրդին մօտ, որ կը ջանայ առօրեան հնարաւորինս պահել բնականոն հունի մը մէջ եւ այսպէսով տեղի չտալ ահաբեկչութեան։
Ներկայ ծանր իրավիճակին մէջ բոլորը կը գիտակցին, թէ պէտք է ըլլալ զգօն եւ միասնական։ Ահաբեկիչները ներկայիս կը փորձեն խուճապահար դարձնել Թուրքիան՝ իրենց որդեգրած յետին նպատակներուն զուգահեռ։ Իսկ ժողովուրդը կ՚անդրադառնայ այդ երեւոյթին ու միահամուռ փոխադարձել կը ձգտի միեւնոյն ժամանակ համախումբ ու միասնական մնալով պետութեան եւ իրաւապահ մարմիններուն շուրջ։ Ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւններուն կոչերն ալ ունին նման բնոյթ այս հանգրուանին։
ՔԱՆՏԻԼԻ ԴԷՄ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն լայնածաւալ հարուածներ հասցնել ահաբեկիչներուն։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ անցեալ շաբաթավերջին բանակը նոր գործողութիւններ իրականացուցած է Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Երեսուն ռազմաօդանաւերով ռմբակոծուեցաւ Քանտիլի շրջանը։ Սա վերջին ժամանակներու ամենալայնածաւալ գործողութիւնն էր։ Ռազմաօդային ուժերուն թիրախը դարձան Սինատ, Հաֆթանին եւ Կարա Հաքուրք շրջանները։
Կը հաղորդուի, որ ռազմաօդային ուժերը յաջողութեամբ ոչնչացուցած են իրենց թիրախները, որոնց շարքին կը գտնուէին ՓՔՔ-ի ապաստանարաններն ու ռազմամթերանոցները։
Այս գործողութեան մասնակից ռազմաօդանաւերը լիցքաւորուեցան օդին մէջ։