ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՆՈՐ ԶՈՀ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ անցեալ շաբթուան կէսին իր լիազօրութիւններուն հիման վրայ դիտարկում մը իրականացուց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ դիտարկումէն յետոյ ան մեկնեցաւ Թիֆլիզ, ուր յայտնեց, թէ երկու կողմերէն տեղեկութիւններ ստացած է սահմանի վերջին զարգացումներուն շուրջ, տեղեկացած է անոնց անհանգստութիւններուն։ Երկու կողմերն ալ կ՚ընդգծեն առաջնագծին գիւղերու մօտիկութեան հարցը եւ հրադադարի խախտման հետեւանքով խաղաղ քաղաքացիներուն հասած մեծ կորուստները, ինչ որ առանձնայատուկ մտահոգութեան խնդիր է այնտեղ։ Անճէյ Կասպրչիկ նաեւ կոչ ուղղեց երկու կողմերուն՝ հաշուի առնելով Նեւրուզի տօնը եւ Ս. Զատիկը՝ խստօրէն պահպանել հրադադարի դրութիւնը եւ սահմանին կամ շփման գծին վրայ խուսափիլ որեւէ գործողութենէ, որ պատճառ կրնայ դառնալ լարուածութեան աճելուն։ «Կը փափաքիմ օգտուիլ այս հնարաւորութենէն եւ իմ լաւագոյն մաղթանքները փոխանցել տարածքաշրջանի ժողովուրդներուն յառաջիկայ տօներուն առթիւ», ըսաւ Կասպրչիկ։
Արձագանգելով այս կոչին՝ Հայաստանի Պաշտ-պանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ պատրաստ է խստօրէն հնազանդիլ հրադադարին, եթէ Ատրպէյճան եւս դրականօրէն արձագանգէ Կասպրչիկի կոչին։
Միւս կողմէ, Կասպչիկի կատարած դիտարկման նոյն օրը, յետմիջօրէին, Հայաստան-Լեռնային Ղարաբաղ շփման գծին վրայ զոհուեցաւ հայ զինուոր մը։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին զոհ գնաց 20-ամեայ Արտեոմ Վարդերեսեան, որու յուղարկաւորութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան։