ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ ԼՈՒՐՋ ՀԱՐՈՒԱԾ
Փարիզի վերջին սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան զուգահեռ ձեռնարկուած հետաքննութեան շրջագծով շաբաթավերջին Պրիւքսէլի արուարձաններէն մէկուն մէջ ձերբակալուեցաւ 27-ամեայ Սալահ Ապտիւսսելամ։ Ան Փարիզի մէջ ինքզինքը պայթեցուցած Պրահիմ Ապտիւսսելամի եղբայրն է։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ կազմակերպուած այդ յարձակման զոհ գացած էր 130 հոգի։
Սալահ Ապտիւսսելամ Պրիւքսէլի մէջ Պելժիոյ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցաւ սրունքէն վիրաւորուած վիճակի մէջ։ Ան առաջին անգամ ներկայացաւ դատաւորին։ Իր փաստաբանը տեղեկացուց, թէ Ապտիւսսելամ պիտի համագործակցի իրաւասուներուն հետ, սակայն չի փափաքիր արտայանձնուիլ Ֆրանսային։
Ֆրանսայի իշխանութիւնները արդէն պահանջած են, որպէսզի Սալահ Ապտիւսսելամ յանձնուի իրենց։ Պելժիոյ Վարչապետ Շարլ Միշէլի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ նշեց, թէ չի կասկածիր, որ Պելժիոյ պատկան մարմինները ընթացք պիտի տան այդ պահանջին։ Այլ աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, թէ Շարլ Միշէլ դիտել տուած է, որ այդ գործողութիւնը կրնայ տեւել շաբաթներ։
Սալահ Ապտիւսսելամի ձերբակալուած գործողութեան ընթացքին հսկողութեան տակ առնուած են եւս երեք անձեր, որոնք կը պատկանին նոյն ընտանիքին։
Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազնէօվ յայտարարեց, որ այս գործողութիւնը Եւրոպայէ ներս ԻՇԻՊ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ տրուած լուրջ հարուած մըն է։ Ֆրանսացի պաշտօնատարներ այդ գործողութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Պելժիոյ, սակայն կարգ մը ֆրանսացի երեսփոխաններ ալ Պելժիոյ պատկան մարմինները քննադատեցին ու նոյնիսկ մեղադրեցին, հաշուի առնելով, որ միայն չորս ամիս վերջ կարելի եղած է ձերբակալել Սալահ Ապտիւսսելամը, որու ծննդավայրն ալ Պրիւքսէլն է։ Ոստիկանութիւնը կասկածած է իր գտնուած բնակարանէն տրուած փիցցայի պատուէրին բերումով։ Հարկ է նշել, որ Ապտիւսսելամի փաստաբանը յայտնեց, թէ պիտի մերժէ իր պաշտպանեալի Ֆրանսա արտայանձնուիլը։