ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆԻՍՏ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնաժողովի նիստը։ Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ սոյն նիստը, որուն մասնակցեցան Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ շուրջ 25 երկիրներէ 41 պատուիրակներ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի նախագահութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Քրիստոֆ-Անտրէ Ֆրասսա, որ միեւնոյն ժամանակ Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամներէն մին է։ Ելոյթներով հանդէս եկան Արա Պապլոյեան, Եդուարդ Նալպանտեան եւ Քրիստոֆ-Անտրէ Ֆրասսա։

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան հերթական գագաթաժողովը։ Եդուարդ Նալպանտեան երէկ յայտնեց, որ սոյն գագաթաժողովին զուգահեռ Երեւանի մէջ նախատեսուած է կազմակերպել ֆորում մը՝ ստեղծելու համար ֆրանսախօս գործարարներու ցանց մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 21, 2018