ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Երեւանի տեսակէտէ անընդունելի է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու լարուածութեան ֆոնին վրայ հայոց ցեղասպանութեան շահարկումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Նաղդալեան պատասխանեց հարցումի մը, որ կը վերաբերէր Թուրքիա-Իսրայէլ առկայ լարուած յարաբերութիւններու ֆոնին վրայ ցեղասպանութեան հարցի շահարկման։ Ի պատասխան՝ ան ըսաւ. «Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործընթացը համամարդկային արժէքներու գերակայութիւն է, մարդու իրաւանց վերահաստատումն է ուղղուած նման յանցագործութիւններու կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ կրկնութեան բացառման եւ անոնք պէտք է զերծ ըլլան որեւէ ներքին քաղաքական համատեսքէ կամ աշխարհաքաղաքական զարգացումներէ»։

Բանբերի խօսքով՝ Հայաստանի համար անընդունելի է հայոց ցեղասպանութեան շահարկումը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու լարուածութեան ֆոնին վրայ։ Այդ ցեղասպանութիւնը անհերքելի փաստ մըն է եւ բանբերը ընդգծեց, որ անոր ճանաչումն ու դատապարտումը նախեւառաջ բարոյական պատասխանատուութիւն մըն է, յարգանքի տուրք անմեղ զոհերու յիշատակին։

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Ալապամա նահանգը երէկ ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը։ Նահանգի ղեկավար Քոյ Իվին ստորագրեց համապատասխան հռչակագիր մը։ Այսպէսով Ալապամա դարձաւ ԱՄՆ-ի 49-րդ նահանգը, որ իւրացուցած է հայոց տեսակէտները։ ԱՄՆ-ի միակ նահանգը, որ ցարդ չէ իւրացուցած հայոց տեսակէտները, Միսիսիփին է։

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2019