ԾՐԱԳԻՐԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

250Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ նոյեմբերին Թուրքիոյ պիտի յանձնուին երկու Ֆ-35 ռազմաօդանաւեր։ Փենթակոնի համատեղ արտադրութեան ռազմաօդանաւերու ծրագրի գրասենեակի բանբեր Ճօ Տելլա Վետովա յայտնեց, որ այդ ռազմաօդանաւերու համար թրքական անձնակազմի մարզումներն ալ կը շարունակուին։ Ըստ իրեն, որքան ատեն, որ հակառակը չըսուի, ծրագիրը պիտի շարունակուի։

Ըստ բանբերի բացատրութիւններուն, կործանիչներու յանձնումին համար վերջնական թուական մը ճշդել կարելի չ՚ըլլար շարք մը գործօններու բերումով. օրինակ՝ ռազմաօդանաւերու վերջին պատրաստութիւնները, թեքնիկ կացութիւնը, կլիմայի պայմանները, թռիչքներու ժամանակացոյցը եւ այլն։

ԱՄՆ-ի քոնկրէսը անցեալ ամիս ընդունած էր պիւտճէի ժամանակաւոր օրէնք մը, որ արժանացած էր նաեւ նախագահ Թրամփի հաւանութեան։ Այդ օրէնքով կը նախատեսուի Փենթակոնի՝ Թուրքիոյ վերաբերեալ տեղեկագրի այժմէականացումը։ Այդ տեղեկագիրը մինչեւ նոյեմբեր պէտք է ներկայացուի ԱՄՆ-ի քոնկրէսին եւ մինչ այդ կը պահանջուի որեւէ Ֆ-35 ռազմաօդանաւ չուղարկել Թուրքիա։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա Ռուսաստանի հետ համաձայնութեան հասած է՝ Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ձեռք բերելու ուղղութեամբ։ Այդ գործարքը անհանգստութիւն պատճառած է Ուաշինկթընին։ Ամերիկեան կողմը կը ջանայ Ֆ-35-երու ծրագիրը կախուածութեան մէջ դնել Ս-400-ներու գործարքին հետ։

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2019