ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ

Երեւանի Օփերային մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յայտնի թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանի համերգը։ Փառաշուք ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու պատուոյ հիւրերն էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան։ Նարեկ Հախնազարեան հանդէս եկաւ ընկերակցութեամբ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի, զոր ղեկավարեց Եդուարդ Թոփճեան։ Ունկնդիրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Հախնազարեանն ու նուագախումբը։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2019