ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ ԴԱԴՐԵՑՈՒԱԾ

Քորոնաժահրի համաճարակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վրայ ալ ազդած է անմիջականօրէն։ Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ ԵԱՀԿ-ի կողմէ կատարուած դիտարկումները ընդհատուեցան համաճարակի հետեւանքով։ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ վերջին օրերուն հանդէս եկաւ համապատասխան յայտարարութիւններով։

Զուգահեռաբար՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ այս իրավիճակին մէջ չափաւորութեան կոչ ուղղեցին Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին։ Մինսքեան խմբակի եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Միացեալ Նահանգներ) այս առթիւ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Անոնք Ատրպէյճանն ու Հայաստանը հրաւիրեցին վերահաստատելու իրենց յանձնառութիւնը՝ հրադադարի պահպանման ուղղութեամբ եւ կոչ ուղղեցին, որպէսզի այս շրջանին խուսափին լարուածութիւնը հրահրելէ։ Միեւնոյն ժամանակ եռանախագահները տեղեկացուցին, որ հակամարտ կողմերու հետ մշտական շփման մէջ պիտի ըլլան եւ իրենց միջնորդական ջանքերը անխաթար պիտի շարունակեն՝ հակառակ ամբողջ աշխարհի մէջ համաճարակով պայմանաւորուած տեղափոխութիւններու սահմանափակումով։

Շաբաթ, Մարտ 21, 2020