ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՔԱՅԼԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակին դէմ պայքարը կը շարունակուի Թուրքիոյ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ժամերուն հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները, ըստ որոնց Թուրքիոյ մէջ զոհերու թիւը հասած է 9-ի։ Ընդհանրապէս, աշխարհի վրայ ալ համաճարակի հետեւանքով մահացածներու թիւը գերազանցած է 10 հազարը։

Պետութիւնը այս իրավիճակին մէջ յաւելեալ քայլերու կը դիմէ՝ համաճարակի դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու առաջադրութեամբ։ Այսպէս, երէկուան դը-րութեամբ Թուրքիոյ բոլոր հիւանդանոցներու՝ ներառեալ հիմնարկներն ու մասնաւորները, կը լծուին համաճարակի դէմ պայքարի։ Այս կարգադրութիւնը կատարուած է՝ առողջապահական հիմնարկներէ ներս հնարաւորինս կանխելու համար խճողումներն ու կուտակումները։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան հրապարակեց ժողովուրդին ուղղեալ ձայնային պատգամ մը։ Ան այս առթիւ կոչ ուղղեց, որպէսզի բացի ստիպողական պարագաներէ քաղաքացիները դուրս չգան իրենց բնակարաններէն։

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան, ժամը՝ 21.00-ին, Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդը դարձեալ բուռն ծափահարութիւններով իր զօրակցութիւնը յայտնեց առողջապահութեան համակարգի մասնագէտներուն, որոնք համաճարակի օրերուն կ՚աշխատին մեծ նուիրումով։

Շաբաթ, Մարտ 21, 2020