ՄԱՀ՝ ՀՆԱԳՐԱՎԱՃԱՌ ՎԱՀԱՆ ՔՈՃԱՕՂԼՈՒԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի խորհրդանշական անուններէն Վահան Քոճաօղլու կնքած է իր մահկանացուն՝ 99 տարեկանին։ Ան համբաւ ձեռք բերած էր նաեւ լայն հասարակութեան մօտ՝ նկատի ունենալով, որ երկար տարիներու հնագրավաճառ մըն էր։ Վահան Քոճաօղլու այդ ասպարէզին մէջ թէ՛ հեղինակութիւն եւ թէ համակրանք կը վայելէր։ Երկար տարիներ ան հին գիրքեր վաճառած էր նախ՝ Պէյօղլուի, ապա Պէշիկթաշի մէջ։

Իր յուղարկաւորութիւնը այսօր կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ իր մարմինը փոխադրուեցաւ Էտիրնէգաբուի գերեզմանատունը՝ ամփոփուելու համար ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2024