ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ երէկ գումարուեցաւ տարեկան ընդհանուր ժողով։ Հերթական համագումարին մասնակցեցան Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, բազմաթիւ նախարարներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ երկրի գիտական աշխարհէն ծանօթ դէմքեր։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան այս առթիւ ներկայացուց ակադեմիոյ 2015 թուականի հաշուետու զեկոյցը։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան յայտարարութիւն մըն ալ ընդունեց Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած ռազմական գործողութիւններուն կապակցութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, թէ Հայաստանի գիտնականները կ՚ակնկալեն այս խնդրին նկատմամբ միջազգային հանրութեան անաչառ ու հասցէական վերաբերմունքը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներ պէտք է հանդէս գան այս յարձակումը սանձազերծած կողմի՝ Ատրպէյճանի գործելակերպի դատապարտման։ Գիտնականները պահանջեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միջնորդութիւնը բանակցային գործընթացէն ներս Լեռնային Ղարաբաղը լիիրաւ կողմ ճանչնալու հարցին մէջ։