ՊԱՆ ՔԻ ՄՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին՝ Ապ­րի­լի 25-ին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Ե­րե­ւան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը պի­տի ի­րա­կա­նանց­նէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը, ո­րու ծրա­գի­րը պի­տի ընդգր­կէ Հա­յաս­տա­նի ա­ռըն­թեր Վրաս­տանն ու Ատր­պէյ­ճա­նը։ Պան Քի Մուն ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան, իսկ երկ­րորդ ան­գամ՝ Վրաս­տան։

Ապ­րի­լի 25-ին Ե­րե­ւա­նի միօ­րեայ շփում­նե­րուն շրջագ­ծով Պան Քի Մուն ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին այ­ցե­լու­թիւ­նը կը զու­գա­դի­պի այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը, երբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ձեռ­նար­կուած լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը խոր մտա­հո­գու­թեան պատ­ճառ դար­ձած են ամ­բողջ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան մօտ։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2016