«ՄԱՅՔՐՈՍՈՖԹ»Ի ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

«Մայք­րո­սոֆթ» ըն­կե­րու­թիւ­նը, ի դէմս Ան­կախ պե­տու­թիւն­նե­րու հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան մէջ «Մայք­րո­սոֆ­թ»ի տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Ռո­լանտ Պին­քոֆս­քիի եւ Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, ի դէմս նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեա­նի, ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր:

Սոյն յու­շագ­րին ծի­րին մէջ «Մայք­րո­սոֆթ» ըն­կե­րու­թիւ­նը ու­սում­նա­կան գոր­ծըն­թա­ցին պի­տի ա­ջակ­ցի ծրագ­րա­յին ար­տադ­րանք­նե­րով, հե­տաքրք­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով պի­տի խրա­խու­սէ ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ ա­շա­կերտ­նե­րու ինք­նակր­թու­թեան ձգտու­մը եւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ սե­մի­նար­նե­րու, վե­րա­պատ­րաս­տում­նե­րու, կլորսե­ղան քննար­կում­նե­րու, խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու եւ տար­բեր ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու մի­ջեւ փոր­ձի փո­խա­նակ­ման ծրա­գիր­նե­րու:

«Մայք­րո­սոֆթ»ը գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան հա­մա­կար­գի ար­դիա­կա­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին: Ան կը հան­դի­սա­նայ  «Մէ­­կա­կան հա­մա­կար­գիչ իւ­րա­քան­չիւր ե­րա­խա­յի» պե­տա­կան ծրագ­րի գոր­ծըն­կե­րը, ո­րուն ծի­րին մէջ Վա­յոց Ձո­րի մար­զի դպրոց­նե­րու իւ­րա­քան­չիւր ա­ռա­ջին դա­սա­րան­ցիի պե­տու­թեան կող­մէ շնոր­հուած են Windows 10 գոր­ծող հա­մա­կար­գով աշ­խա­տող հա­մա­կարգ­չա­յին սար­քեր:

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017