ՀԱՄԻՏ ԱՆՍԱՐ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Հնդկաս­տա­նի փոխ-նա­խա­գահ Հա­միտ Ան­սար կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Հա­յաս­տան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան կը պատ­րաս­տուի ձեռ­նար­կել դէ­պի Հա­յաս­տան եւ Լե­հաս­տան շրջա­գա­յու­թեան մը, ո­րուն ա­ռա­ջին փու­լը պի­տի հա­դի­սա­նայ Ե­րե­ւան։ Հնգօ­րեայ այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ծի­րէն ներս Հա­միտ Ան­սար Ապ­րի­լի 24-ին պի­տի գտնուի Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Ըստ նա­խա­տե­սուած ծրագ­րին, Ան­սար հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Ան պի­տի տե­սակ­ցի նաեւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­նե­րուն եւ դա­սա­խօս­նե­րուն հետ։

Հնդկաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ այ­ցե­լու­թեան նպա­տա­կը եր­կու եր­կիր­նե­րու բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ խո­րա­ցումն է, ինչ­պէս նաեւ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ հար­ցե­րու լայն շրջա­նա­կի քննար­կումն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ գոր­ծըն­կե­րու­թեան հե­տա­գայ զար­գա­ցու­մը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017