ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆ ՈՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԵՐԷԿ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գրաեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը, ըստ նախապէս ճշդուած ժամանակացոյցի, միօրեայ կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Երեւան՝ շնորհաւորելու համար պետական աւագանիի երկու բարձրագոյն դէմքերը։ Վեհափառ Հայրապետն ու Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորութիւններ յղեցին նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ վարչապետ Սերժ Սարգսեանին։ Թէեւ ժամանդրութիւնները նախատեսուած էին շնորհաւորութեան համար, սակայն վերջին օրերու հրատապ օրակարգի լոյսին տակ շօշափուեցան Երեւանի բողոքի ցոյցերուն վերաբերեալ հարցեր։ Լուսանկարներուն մէջ Վեհափառ Հայրապետն ու Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚երեւին Արմէն Սարգսեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 21, 2018