ԴԱՐՈՒՆ ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 12 Յունիսին միասնաբար պիտի իրականացնեն Անդրանատոլեան բնական կազի խողովակաշարի (TANAP) բացումը։ «Դարու ծրագիրը» որակուած է այս խողովակաշարը, որու միջոցաւ Ատրպէյճանէն Կասպից ծովու «Շահտենիզ 2» պաշարներու բնական կազը Թուրքիոյ վրայով պիտի փոխադրուի դէպի Եւրոպա։ Կասպից ծովու հարաւի միւս պաշարներէն արտադրուած բնական կազն ալ նոյն խողովակաշարի միջոցաւ պիտի տեղափոխուի։ TANAP սկիզբ կ՚առնէ Թուրքիա-Վրաստան սահմանին վրայ, Արտահան քաղաքի Փոսոֆ գաւառակի Թիւրքկէօզիւ գիւղէն։ Խողովակաշարը ունի 850 քիլօմեթր երկարութիւն։ Անոր 19 քիլօմեթրը կ՚անցնի Մարմարա ծովէն։ Թուրքիոյ քսան քաղաքները հատելով Յունաստանի սահմանը կը հասնի խողովակաշարը, որու վերջնական հանգոյցը կը գտնուի Էտիրնէի Իփսալա քաղաքին մէջ։ Այդ կէտէն սկսեալ Թուրքիա այս խողովակաշարին շնորհիւ բնական կազ պիտի փոխանցէ Եւրոպայի երկիրներուն։ TANAP պիտի միանայ Անդրադրիական խողովակաշարին հետ եւ այսպէսով պիտի գոյանայ հարաւ-արեւելեան բնական կազի անցքը։

Թուրքիոյ բնական կազի ազգային ցանցը սնելու համար TANAP-ի վրայ նախատեսուած է երկու կազի հանգոյց։

Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք վերջերս բացատրութիւններ տուաւ TANAP-ի մասին։ Ըստ իրեն, Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութեան շնորհիւ այս ծրագիրը կեանքի կոչուած է։ Կայունութեան, ամուր ղեկավարութեան եւ տեսլականի շնորհիւ հնարաւոր դարձած է ապահովել այս արդիւնքը։ Ըստ Ալպայրաքի, այս երեք գործողութիւններուն տեսակէտէ Թուրքիա օրինակելի է ոչ միայն իր տարածքաշրջանէն ներս, այլ ամբողջ աշխարհի տեսակէտէ։ Նախարարը աւելցուց, որ 12 Յունիսին նախատեսուած բացման արարողութիւնը պիտի իրականանայ բոլոր բաժնետէրերու մասնակցութեամբ։

Բաց աստի, բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ ալ պիտի մասնակցին հաւաքոյթին։

Միւս կողմէ, Պերաթ Ալպայրաք տեղեկացուց, որ Թուրքիա այս ամառ որոնումներու պիտի ձեռնարկէ նաեւ Միջերկրականի մէջ։ Առաջին անգամ այդ որոնումները խոր ջուրերու մէջ պիտի կատարուին։ Աշխատանքները պիտի սկսին նախքան ամառուան վերջանալը։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018