ԵՐԵՔ ԺԱՄ ԺՈՂՈՎ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ երէկ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան կարեւոր գագաթաժողով մը, որու մասնակցեցան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Թարապիոյ մէջ, «Հուպէր» նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւնը, որ տեւեց 3 ժամ։ Ժողովին մասնակցեցան Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Եաշար Կիւլէր, Ցամաքային, օդային եւ ծովային զօրքերու հրամանատարներ, ինչպէս նաեւ նախագահական աշխատակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Կը հաղորդուի, որ ժողովի ընթացքին մանրամասն քննարկուեցան տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիպիոյ վերաբերեալ հարցերը։