ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ԳԱՀԱՎԻԺՈՒՄ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ՝ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ

Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի սահմաններէն ներխուժած Ատրպէյճանի զօրքերը արձանագրած են որոշ յառաջխաղացում։ 12 մայիսէն ի վեր ծագած տագնապը կու գայ վերահաստատել այն կանխատեսումները, ըստ որոնց յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Հայաստանի գոյութեան վտանգ կը սպառնայ։ Վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւնները երկրի սահմաններու խախտումէն վերջ առերեւոյթ վճռական յայտարարութիւններ կ՚ընէին, ու կը տեղեկացնէին, որ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ բանակցութիւններ կ՚ընթանան։ Ի վերջոյ, հարցը եկաւ հասաւ այն կէտին, ուր 19 մայիսին նախատեսուած բանակցութիւններուն Պաքու ընդհանրապէս չուղարկեց իր ներկայացուցիչները։ Զուգահեռաբար այդ կէտին վրայ յայտնի կը դառնար, որ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ աշխատանքներ տարուած էին՝ եռակողմանի նոր յայտարարութեան մը մշակման ուղղութեամբ։ Այդ բոլորը սահմանազատման աշխատանքներու որակումը ունէին, բայց եւ այնպէս, գործնականօրէն կը նշանակէին Հայաստանի տարածքներէն զիջումներ։ Բնականաբար, պետական գործերու մէջ նման նախախնամական նշանակութեամբ գործընթացները հարիւր տոկոսով հրապարակային չեն կրնար ըլլալ, սակայն, Փաշինեանի վարչախումբի այս աստիճան թափանցիկութենէ հեռացած ըլլալն ալ նոյնքան անարդարանալի է։ Ընդդիմադիր շրջանակներու կողմէ հնչեցուած ահազանգի հիման վրայ Հայաստանի վարչապետը խոստացած է այդ՝ գաղտնի մշակուած փաստաթուղթը եւ աւելցուցած, որ կը պատրաստուի զայն ստորագրել, որովհետեւ այդ մէկը հարիւր տոկոսով կը համընկնի Հայաստանի շահերուն։ Ակնյայտ է, որ Հայաստան ամիս մը վերջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան պիտի ձեռնարկէ։ Ներկայիս Փաշինեան ունի վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի դիրքը։ Ընդհանրապէս, միջազգային յարաբերութիւններու, միջպետական շփումներու գործնականութեան մէջ շատ ընկալելի է, որ անցումային շրջանի ղեկավարութիւնները ձեռնպահ մնան երկարաժամկէտ նշանակութեամբ, նախախնամական բնոյթով ստորագրութիւններ դնելէ։ Հայաստանի պարագային պատկերը կը ցոլացնէ բոլորովին հակառակը։ Անկախ պատճառներու վերաբերեալ ենթակայական կարծիքներէ, Փաշինեանի ղեկավարութիւնը առարկայականօրէն երկիրը հասցուցած է անդունդի եզրին եւ հակառակ այս բանին՝ կը շարունակէ ազատ-համարձակ գործել՝ անշրջադարձելի վտանգներ ստեղծելով պետութեան գոյատեւման տեսակէտէ։

Զարմանալի է, որ երկրի տեսակէտէ ճակատագրական փաստաթուղթի մը մշակման գաղտնազերծումէն վերջ բովանդակային քննարկումները կը մնան շուքի տակ։ Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պայքարի ծիրին մէջ տեղափոխուած է այս բախտորոշ խնդիրը եւս։ Ընդդիմութիւնը կը շարունակէ դաւաճանութեամբ մեղադրել իշխանութիւնը, իսկ, իր հերթին, իշխանութիւնն ալ Ատրպէյճանի գործակալ կ՚որակէ այն ընդդիմադիրները, որոնք իրենց ստացած տեղեկութիւններով հանրային կարծիքի մօտ ահազանգ հնչեցուցած են։ Իշխանութիւնը որեւէ առարկայական բացատրութիւն չի տար, որ ինչո՞ւ, ի՞նչ ստիպողութիւններու բերումով կանխահաս ընտրութենէն հազիւ քանի մը շաբաթ առաջ պարտաւոր է այդպիսի ստորագրութիւն մը դնելու։ Իսկ ընդդիմութիւնը, ընդհանրապէս, չի հրապարակեր այլընտրանքային որեւէ կարծիք, թէ յաւելեալ ի՛նչ կարելի է ընել այդ փաստաթուղթի պարունակած սպառնալիքները չէզոքացնելու կամ մեղմացնելու համար։

Երբ Ատրպէյճան արդէն ուղղակիօրէն ոտնձգութիւններ կ՚ընէ Հայաստանի տարածքին դէմ, Պաքուէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ պատրաստակամութիւն կը հնչէ Երեւանի հետ համագործակցութեան սկսելու համար։ Այս զաւեշտը կ՚ապրուի այն համայնապատկերին վրայ, ուր Հայաստան ընդհանրապէս լքուած է իր իբր թէ դաշնակիցներուն կողմէ։ Երեւանի ղեկավարութեան սնանկութեան մթնոլորտին մէջ յառաջացած հետեւանքները կը տագնապեցնեն ամբողջ հայ իրականութիւնը։ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու պարագային յառաջացած սպառնալիքները ուղղակիօրէն առընչութիւն ունին Հայաստանի ռազմավարական կշիռին հետ։ Որոշ կէտերու վրայ պատահած են փոխհրաձգութիւններ, սակայն բարեբախտաբար բախումները չեն խորացած։ Ըստ զանազան աղբիւրներու, սահմանակից շրջաններու բնակիչները կը պահանջեն, որ պետութիւնը զիրենք զինէ՝ պաշտպանութեան համար։  Իսկ փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց երէկ մամուլին յայտարարեց, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ չէ եղած պատրաստուած փաստաթուղթէն։

Մայրաքաղաքէն հասած դրուագները առկայ իրավիճակին մէջ հերթական անգամ կը վերահաստատեն Հայաստանի դիմագրաւած քաոսը։ Կառավարութեան, խորհրդարանի, Արտաքին գործոց նախարարութեան, նախագահական ապարանքի եւ կամ այլ պետական կառոյցներու շէնքերուն առջեւ բողոքի ցոյցեր եւ ոստիկանական սաստիկ վերահսկողութիւն։ Այդ դրուագները միայն ու միայն կը ցոլացնեն մոլորութիւն, որու պայմաններուն ներքեւ Հայաստանի՝ արդէն լուծարուած խորհրդարանը երէկ դարձեալ արտահերթ ժողով մը գումարեց, սակայն, նոյնիսկ չկարողացաւ ընդհանուր համաձայնութեան մը հասնիլ յայտարարութեան մը նախագծին շուրջ։ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ըսաւ. «Խաղաղութիւնը մեզի համար բարձրագոյն արժէք է, բայց մենք պէտք չէ թոյլ տանք մենք մեզի թմրեցնել Ատրպէյճանի կեղծ խաղաղասիրութեամբ»։

Ամէն տեսակ արժեւորումէ, մեկնաբանութենէ, գնահատականէ կամ կարծիքէ անկախ, այսօր յստակօրէն յայտնի է մէկ բան. Հայաստանի պետականութիւնը կ՚ընթանայ դէպի գահավիժում՝ ողբերգական իրադարձութիւններու եւ համատարած զարմանալի անտարբերութեան մը մթնոլորտին մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021