ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻՈՒԹԵԱՆ ԽԱՓԱՆՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ մասնակցեցաւ Եւրոխորհուրդի 132-րդ նախարարական նստաշրջանին։ Այսպէս, ԵԽ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հաւաքը կազմակերպուած է Թորինոյի մէջ, Իտալիա։
Երէկ, Արարատ Միրզոյեան ժողովի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը եւ այս առթիւ ըսաւ. «Այսօր մենք ականատես կ՚ըլլանք անվտանգութեան ճարտարապետութեան վերահաս անկման, ինչ որ, ի հարկէ, չէ սկսած վերջին քանի մը ամիսներուն։ Մենք շուրջ երկու տարի առաջ զգացինք բազմակողմանիութեան խափանումը եւ միջազգային կառոյցներէ ներս յառաջացած ճեղքուածքը, երբ Ատրպէյճան, ոտնահարելով ուժի չկիրառման սկզբունքը, պատերազմ սանձազերծեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր ժողովուրդին դէմ։ Մէկուկէս տարի անցած է այդ սարսափելի ժամանակներէն ի վեր եւ Ատրպէյճան կը պնդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած է, անոնք պատրաստ են խաղաղութեան»։
Յետպատերազմեան շրջանին Պաքուի կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան ծանր հետեւանքները յիշեցնելէ վերջ ան ըսաւ. «Ինչո՞ւ մենք կը պայքարինք, որպէսզի Ատրպէյճանին հասկցնենք, թէ Լեռնային Ղարաբաղը միայն տարածքի կտոր մը չէ, այլ այնտեղ կան մարդիկ, որոնց արժանապատուութիւնը պէտք է յարգել»։
Արարատ Միրզոյեան Թորինոյի ժողովի ընթացքին վերահաստատեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հաւատարիմ է տարածաշրջանէ ներս խաղաղութիւն ու բարեկեցութիւն հաստատելու ջանքերուն։ Եւ բազմաթիւ անգամներ վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ անյապաղ կերպով իրական ու կառուցողական բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ։ «Եւ այս համատեսքին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը առանցքային դեր ունի խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու հարցին մէջ», ընդգծեց ան։