Ուրբաթ 31, Յունուար 2025
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ «Տարիւլաճէզէ»ի նոր համալիրի հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Սա պիտի ըլլայ ընդարձակ համալիր մը՝ քաղաքի համազօր։ Արարողութեան մասնակցեցան Իսթանպուլի միւֆթի Սաֆի Արփակուս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Յունաց Պատրիարքը եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։ Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ նախագահ Էրտողան, որ դիտել տուաւ, թէ այս կառոյցը ծառայութիւն կը մատուցէ անխտիր բոլորին։
Շաբաթ, Մայիս 21, 2022