ԱՄՆ-ԻՐԱՆ ՁԳՏԵԱԼ ՎԻՃԱԿԸ ԹԱՓ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ

Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ մտահոգութիւն պատճառել միջազգային հանրութեան։ Երէկ, Իրանի զօրքերը թիրախ դարձուցին ամերիկեան անօդաչու սարք մը։ Իրան տեղեկացուց, որ այդ ամերիկեան անօդաչուն խախտած էր իր օդային մարզը։ Իսկ ամերիկեան կողմը տեղեկացուց, որ դէպքը պատահած է միջազգային օդային մարզի մէջ։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը այս կապակցութեամբ խիստ արձագանգով հանդէս եկաւ։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրան շատ մեծ սխալ մը գործած է։ Ան պատասխանեց նաեւ հարցումի մը, թէ ԱՄՆ պիտի յարձակի՞ Իրանի վրայ։ «Կարճ ժամանակի ընթացքին պիտի սորվիք», պատասխանեց ամերիկացի ղեկավարը։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ անդրադարձաւ ԱՄՆ-Իրան առկայ լարուածութեան։ Ան յայտնեց, որ եթէ ամերիկեան կողմը զինուորական միջամտութիւն մը ընէ Իրանի դէմ, ապա տարածքաշրջանի տեսակէտէ աղէտ մը կը յառաջանայ։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2019