ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՆԵՉԻՐՎԱՆ ՊԱՐԶԱՆԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին, որ կ՚այցելէ Անգարա։

Երէկ, Էրտողան հանդիպում մը ունեցաւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ զանազան հարցերու։ Այսպէս, մատնանշեց, որ ՀՏՓ-ի եւ ՓՔՔ-ի միջեւ առկայ է պայքար մը։ Ըստ իրեն, Ապտուլլահ Էօճալանի եւ Սելահատտին Տեմիրթաշի միջեւ իշխանութեան պատերազմ մը գոյութիւն ունի։ Էօճալան չի փափաքիր իր իշխանութիւնը զիջել որեւէ մէկուն։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2019