ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՉԻ ԼՔԵՐ ՊԵՇԱՐ ԷՍԱՏԸ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ուղիղ եթերով պատասխանեց ժողովուրդի կողմէ ուղղուած հարցումներուն։ 4 ժամ 20 վայրկեան տեւեց այս ուղիղ եթերը, որու ընթացքին ռուս ղեկավարը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ տագնապին։ Փութին նշեց, որ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատն ու իր վարչախումբը սակարկութեան առարկայ պիտի չդարձնեն։ Ան այս հանգամանքը շեշտեց՝ անդրադառնալով Սուրիոյ հարցին շուրջ Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ հաւանական համաձայնութեան մը պարագային։
«Ռուսաստան սակարկութեան նիւթ չի դարձներ իր դաշնակիցները։ Անշուշտ, լուծման համար պատրաստ ենք Սուրիոյ այժմու դերակատարներուն հետ աշխատելու։ Այսօրուան ներկայ կացութեամբ Ռուսաստան Սուրիոյ պարագային ունի կարեւոր նպատակ մը։ Թուրքիոյ, Իրանի եւ ԱՄՆ-ի հետ աշխատելով բախումները պէտք է տեղափոխուին քաղաքական հարթութիւն։ Ուստի, Սուրիոյ նոր Սահմանադրութիւնը մշակելիք յանձնաժողովը պէտք է ժամ առաջ կազմուի», ըսաւ ռուս ղեկավարը։