ՎՏԱՆԳԻ ՁԱՅՆԸ

Ընդամէնը օրեր առաջ կ՚ըսէինք, թէ կիրակին ճակատագրական օր է Հայաստանի համար: Սպասումներ, նոր կեանքի մը սկսելու յոյսեր կը թեւածէին ամէնուր, եռանդ մը պատած էր բոլորս…

Կիրակին եկաւ, բացուեցան ընտրական տեղամասերու դռները եւ մենք տեսանք, որ ամէն ինչ կրկնութիւնն է հինին, անիւը պտտուած եւ նորէն կանգ առած է նոյն կէտին վրայ։ Եւ աւելի վատ կերպով կը կրկնուի հինը, ինչ որ չէինք կրնար երեւակայել: Ճակատագրական ըլլալու ոչ մէկ շունչ կար օդին մէջ: Նոյն սովորական առաւօտը, որ մարդիկը կ՚ուղղէր դէպի ընտրատեղամասեր, ուր ալ շատ մը տեղերու լարուածութիւնը գագաթնակէտին հասած էր, իսկ որոշ տեղերու մէջ ալ կատարեալ անտարբերութիւն կը տիրէր թէ՛ ընտրութիւններու, թէ՛ ալ երկրի ապագային հանդէպ: Նստած էին նոյն մարդիկ, ինչպէս նախորդ ընտրութիւններու ժամանակ, նոյն խօսակցութիւնները կը լսուէին ընտրատեղամասերու բակերուն մէջ, նոյն յոգնած եւ զայրացած դէմքերն էին… Այս տհաճ լարուածութիւնը եւ խեղդող անտարբերութիւնը որեւէ կապ չունէին ճակատագրական օրուան մը հետ: Արդէն աւելի ուշ հեռատեսիլէն տեսանք ընտրութիւններու յառաջատար, հիմնական երկու ուժերու համակիրներու փոխադարձ վիրաւորանքները, դատապարտումները, ընտրութիւններու կեղծման մեղադրանքները, ընտրական խախտումներու մասին խօսակցութիւնները… Ճակատագրական օր արտայայտութիւնը լսելով կը մտածէինք, թէ ի չիք պիտի դառնար արդէն ամիսներէ ի վէր շատ շօշափելի դարձած ատելութեան միջավայրը, ուր ապրիլը արդէն անհնար կը թուէր: Բայց, այդ մէկը ընդամէնը երազ էր. ատելութեան միջավայը աւելի խտացաւ եւ նոր պատկերներ ու նոր ձեւեր ստացաւ… Միամիտ լաւատեսներս անգամ մը եւս խաբուեցանք՝ զուր սպասելով հրաշքի: Ճակատագրակար օր ըլլալու սպասելիքները յօդս ցնդեցան:

Կը սպասէինք, որ տարբեր երկուշաբթի մը բացուէր եւ աստուածային պարգեւի մը պէս թեթեւութիւն մը իջնէր մեր օրուան մէջ: Երկիրը աւելի պառակտուեցաւ եւ կեանքը կը շարունակուի նոյն տաղտկալի ու անտարբեր հունով, հասարակական պառակտումը հաւանաբար յառաջիկային փոխադրուի խորհրդարան եւ այնտեղ արդէն կը տեսնենք պառակտուած երկրի իսկական պատկերը:

Աղմուկը աւելի պիտի շատնայ՝ այնքան, որ պիտի խլացնէ վտանգին ձայնը, որ արդէն կը թակէ մեր դռները…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 21, 2021