Ուրբաթ 31, Յունուար 2025
ԼԱՓԻՏ ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՈՒ ԳԱՅ
Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտ այս հինգշաբթի պիտի այցելէ Թուրքիա։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ պիտի հիւրընկալուի ան։ Հարկ է յիշեցնել, որ Չավուշօղլու անցեալ ամիս այցելած էր Իսրայէլ եւ այժմ Լափիտ կը փոխադարձէ այդ այցելութեան։
Իսրայէլ-Իրան յարաբերութիւնները վերջին շրջանին դարձեալ բաւական լարուած են։ Այս մթնոլորտին մէջ Իսրայէլ մտահոգութիւն ունի, որ Իրան Թուրքիոյ մէջ կրնայ թիրախաւորել իր քաղաքացիները՝ վրէժխնդրութեան մղումներով։ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս իր քաղաքացիները զգուշացուցած էր, որպէսզի Թուրքիա չայցելեն։ Ուրեմն, Եաիր Լափիտի շփումները տեղի պիտի ունենան այսպիսի վիճակի մը մէջ։
Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2022