ՁԵՒԱՉԱՓԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ, որ վերջին օրերուն ուղեւորութիւն մը իրականացուց դէպի Հարաւային Կովկաս, բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին։ Այս առթիւ ան ըսաւ, որ թէեւ Ուքրայնայի պատերազմի հետեւանքով ԱՄՆ խզած է իր յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ պատրաստ է շարունակել համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն ներս՝ յանուն խաղաղ ու տեւական կարգաւորման։

Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտի խօսքով՝ Ուաշինկթըն կը շարունակէ ըսել, որ կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան գործընթացին։ «Մենք կը շարունակենք հաւատալ, թէ սա շատ կարեւոր ձեւաչափ մըն է՝ յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ու կարեւոր է, որ մենք տարբեր ձեւաչափեր պահպանենք՝ փորձելով յառաջ տանիլ խաղաղութիւնը։ Մենք կը շարունակենք այս բանը ընել յառաջիկային։ Այո՛, Ռուսաստան Մինսքեան խմբակի համանախագահ է։ Այնպէս որ, այո՛։ Ֆրանսան, ԱՄՆ-ը եւ Ռուսաստանը կը շարունակեն այդ ձեւաչափը», ըսաւ Տոնֆրիտ։

Հարցազրոյցի ընթացքին իր նկատառման յանձնուած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կարիք չի տեսներ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան աշխատանքի տեւականացման։ Այս կապակցութեամբ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը յայտնած է հետեւեալը. «Ատրպէյճան չ՚աջակցիր Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան գործընթացին, ԱՄՆ կ՚աջակցի։ Եւ մենք կը մասնակցինք այդ գործընթացին եւ կը շարունակենք մասնակցիլ։ ԱՄՆ յանձնառու է աջակցիլ այդ գործընթացին եւ մենք կը ցանկանանք օգտակար ըլլալ։ ԱՄՆ կ՚անդամակցի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան, որ կարեւոր դեր կը խաղայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ։ Մենք հաւատարիմ կը մնանք այդ գործընթացին։ Մենք կը տեսնենք, որ Եւրոմիութիւնը եւս կարեւոր դեր կը խաղայ։ Այնպէս որ, ես կը զգամ, թէ սա հնարաւորութիւններու պահ մըն է տարածաշրջանի համար։ Եւ մենք ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի Հայաստանին օգնենք խաղաղութեան հասնելու համար»։

Միթէ կարելի՞ է հասնիլ տեւական խաղաղութեան, երբ Ալիեւ պարբերաբար կը վերադառնայ ռազմատենչ հռետորաբանութեան, կը խօսի Զանգեզուրի միջանցքի մասին ու տասնեակ հայեր կը պահէ Պաքուի բանտերուն մէջ։ Ի պատասխան՝ Քերըն Տոնֆրիտ նշած է հետեւեալը. «Կը կարծեմ՝ կարեւոր է, որ բոլորս մտածենք, թէ ինչ հռետորաբանութիւն կ՚օգտագործենք։ Անկասկած բառերը կարեւոր են։ Այնպէս որ, մենք պէտք է ուշադիր ըլլանք զանոնք օգտագործելու ժամանակ։ Կը կարծեմ, թէ գործողութիւնները նոյնպէս կարեւոր են։ Բայց եթէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաշտեցման ուղղութեամբ յառաջընթաց մը պէտք է ըլլայ, ապա կասկած չկայ, թէ մարդիկ պէտք է ուշադիր ըլլան իրենց խօսքերուն նկատմամբ եւ հետեւին իրենց գործողութիւններուն»։

Քերըն Տոնֆրիտ հարցազրոյցի ժամանակ տեղեկացուց, որ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ եւս օրակարգի վրայ բերած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան վերաբերեալ նիւթը։ Յամենայնդէպս, ան այլ մանրամասնութիւններ չփոխանցեց։ Տոնֆրիտ Պաքուի մէջ յայտնած էր, որ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հասնելու համար լաւ հեռանկար կայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ ան շեշտած էր, որ Ուաշինկթըն մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին նկատմամբ։

Նոյն հարցազրոյցին ժամանակ Տոնֆրիտ մեկնաբանեց նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին ելոյթներէն մէկուն ընթացքին ըսածը, ըստ որու միջազգային գործընկերները կ՚ակնկալեն, որ Երեւան քիչ մը իջեցնէ նշաձողը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին մէջ՝ ապահովելու համար աւելի մեծ միջազգային աջակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ։ Արդեօք Ուաշինկթըն այդ գործընկերներու շարքի՞ն է եւ ի՞նչ կը նշանակէ նշաձողի իջեցում եւ մինչեւ ո՞ւր։ Պատասխանին մէջ Տոնֆրիտ առաջին հերթին յայտնեց, որ այդ հարցերը պէտք է յստակացնել Փաշինեանէն։ Ան կրկին ընդգծեց, որ թէեւ Հայաստան ցաւոտ անցեալ ունեցած է հարեւաններուն հետ, սակայն այսօր տարածաշրջանէ ներս կը նշմարուի հաշտեցման եւ խաղաղութեան հասնելու հնարաւորութիւն։

«Ես խորապէս կը հաւատամ, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր առաքելութիւնը այս աշխարհին մէջ։ Եւ եթէ կան բաներ, որոնց մենք կը հաւատանք եւ որոնց կը ցանկանք, ապա մենք պէտք է թէ՛ առանձին եւ թէ միասնաբար հետամուտ ըլլանք անոնց։ Ու ես կը կարծեմ, թէ հաշտեցումը այն օրակարգն է, որ կը վերաբերի իւրաքանչիւր հայու։ Ես տեղեակ եմ, թէ ինչ ցաւալի պատմութիւն մը կայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Ես գիտեմ, թէ որքան դժուար է յառաջ նայիլ եւ այլ ապագայ մը պատկերացնել։ Իմ յանձնառութիւնն է ըսել, որ ԱՄՆ կը փափաքի օգնել՝ հասնելու համար այդ բանին», նշեց Տոնֆրիտ։

Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ վերջին օրերուն յայտնեց, որ Պրիւքսել վճռականօրէն կ՚աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարին։

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2022