ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ

Կիւմրիի մէջ, այսուհետեւ ամէն ուրբաթ օր բոլոր փափաքողները կրնան սորվիլ հայ աւանդական ու ազգագրական պարեր:

«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, այս մասին կիւմրեցիներուն տեղեկացուց «Կարին» համոյթի ղեկավար, ազգային պարերու բանահաւաք եւ Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ՝ Գագիկ Գինոսեան:

Հայկական աւանդական պարերու՝ այս տարուան առաջին բացօթեայ ուսուցումը տեղի ունեցաւ նախընթաց օր՝ Կիւմրիի առեւտրական կեդրոնի տարածքէն ներս: Նախաձեռնութեան միացածներու թիւը արդէն կը պարզէր Կիւմրիի մէջ ազգային պարերու հանդէպ եղած հետաքրքրութեան մասին:

Գագիկ Գինոսեան մինչ պարելը, ներկայացուց պատմական ակնարկ, աւանդական պարերու նշանակութիւնն ու մեկնաբանութիւնը: «Կարին» համոյթին միացած էին նաեւ Կիւմրիի «Հրայրք» աւանդական պարի եւ այլ համոյթներ: Նախաձեռնութիւնը անտարբեր չէր թողած ինչպէս կիւմրեցիները, այնպէս ալ Կիւմրի այցելած հիւրերը:

Պարողներուն միացած էր նաաւ Շիրակի փոխ-մարզպետ Սոֆիա Յովսէփեան: Մինչ այդ խօսք առաւ Գագիկ Գինոսեան։ «Նմանատիպ նախաձեռնութիւնները ազգային ինքնագիտակցութեան բարձրացման ու ազգային դիմագիծը պահպանելու ամենակարեւոր դրսեւորումներէն են», նշեց ան ու աւելցուց, որ ուրախութեամբ կ՚ուզեմ փաստել, թէ Կիւմրիի մէջ այսօր կան բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք կրնան ազգայինը ներկայացնել պարի միջոցով:

Միւս կողմէ, վերջին երեք տարիներու ընթացքին Կիւմրիի մէջ Շիրակի թեմի ընկերային-կրթական կեդրոնի եւ Ս. Աստուածածին «Եօթ Վէրք» եկեղեցւոյ երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ բոլոր փափաքողները ամրան ընթացքին ամէն շաբաթ հայ աւանդական ու ազգագրական պարեր կը սորվէին:

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018